2014-02-05 11:40:15

Հայաստան-Ատրպէյճան ` ԵԱՀԿի Նախագահը լարուածութիւնը նուազեցնելու կոչ կ՛ընէ։


ԵԱՀԿի գործող նախագահ եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրխալթեր անհանգստութիւն յայտնած է Հայաստան-Ատրպէյճան զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ վերջերս արձանագրուած եւ զինուորներու ու քաղաքացիներու կեանքը խլած միջադէպերուն կապակցութեամբ. այս մասին կը տեղեկացնէ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
«Իբրեւ ԵԱՀԿի նախագահ՝ կոչ կ՛ընեմ կողմերուն, որ լիովին օգտագործեն արժէքաւոր հնարաւորութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն ԵԱՀԿի ներկայացուցիչներու այցերը դէպի սահման եւ շփման գիծ՝ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով», ատրպէյճանական գործակալութեան ըսած է Պուրխալթեր:
Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը զգալիօրէն աճած է: Երկու կողմերն ալ կը յայտարարեն, թէ սահմանին վրայ տեղի ունեցած դէպքերուն հետեւանքով՝ զինուորներ եւ քաղաքացիներ սպաննուած կամ վիրաւորուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.